Կենսագրութիւն
Գրիգոր Ճանկէօզեան
(Պարիթօն)
1971-1976 կը յաճախէ Լիբանանի Պետական երածշտանոցը, ուսուցչուհի ունենալով տիկին Արփինէ Փեհլիվանեանը: Աւարտելէ ետք, կը մեկնի հայրենիք կատարելագործելու իր երածշտական ասպարեզը Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան երածշտանոցէն ներս, ուսուցիչ ունենալով Արշաւիր Կարապետեանը:
Ճանկէօզեանի երգացանկը կը պարունակէ Հայկական ու Եւրոպական դասական երածիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Վերադարնալով Լիբանան, 1978-ին կ'արծանանայ Համազգայինի կազմակերպած «Բարսեղ Կանաչեան» երգի մեծ մրցոյթի առաջին ոսկեայ մրցանակին: Ապա կը հրաւիրուի Հալեպ համերգի մը որու աւարտին կրկին կ'ստանայ ոսկեայ մետալ մը Սուրիոյ մշակոյթի նախարարին ձեռամբ:
Ճանկէօզեան բազմաթիւ բարեսիրական մենահամերքներով ելոյթ ունեցած է Սփիւռքի զանազան գաղութներէ ներս, ինչպէս Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա: Յատկանշական են իր վերջին տարիներու յաջորդական համերգները նուիրուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին:
Որպէս հիւր երգիչ ու մենակատար, ան անխտիր, մասնակցութիւնը բերած է հայկական բոլոր միւթիւններու կազմակերպած զանազան բնոյթի ձեռնարկներուն:
13 Օգոստոս, 2006-ին, առ ի գնահատանք իր կատարած երածշտական երկար տարիներու ծառայութեան, թէ Լիբանանի և թէ Գանատայի մէջ, ան պարգեւատրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, Կիլիկեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տեր Խածակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Յակոբեանի:
Նոյն տարին 2006-ի Հոկտեմբերին, Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ Ճանկէօզեան հրաւիրուելով Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն, դարձեալ կ'արծանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան ոսկեայ շքանշանին, ձեռամբ դեսպանատան լիազօր հաւատարմատար՝ տիար Արման Յակոբեանի:
Գրիգոր Ճանկէօզեանի նշանաբանն է՝
«Միշտ բարձր ու անաղարտ պահել Հայ Երգը»


